2018-02-22 08:38:00

ՄԱԿ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` դադրեցնելու Աֆրինի մէջ զինուորական գործողութիւնը


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` դադրեցնելու Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Աֆրին շրջանին մէջ շարունակուող զինուորական գործողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը:

«Պէտք է անյապաղ դադրեցնել զինուորական այդ գործողութիւնները: Որքան շատ զինեալ բախում, այդքան կը նուազի օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց հասանելիութեան կարելիութիւնը: Աֆրինի կամ Արեւելեան Ղութայի մէջ զինուորական այդ գործողութիւններուն պատճառով մարդիկ կը լքեն իրենց տուները, ամէն անցնող օր իրեն հետ նոր ցաւ կը բերէ», ըսած է Տիւժարիք:








All the contents on this site are copyrighted ©.